2014-09-28 09:17:51

Ֆրանչիսկոս Պապի տարեցներու հետ հանդիպումը` ''Երկարակեցութեան օրհնութիւնը''։


Կիրակի, 28 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, տեղի ունեցաւ 20 երկիրներէ ժամանած 40 հազար մեծ պապիկներու եւ մեծ մամիկներու հաւաքը, առ ի պատրաստութիւն 5 -19 հոկտեմբեր, Ընտանիքի մասին գումարուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին։
Հաւաքը սկիզբ առաւ առաւօտեան ժամը 8.30-ին սուրբ գրային ընթերցումներով եւ տարեցներու վկայութիւններով։ Ժամը 9.10 անց հրապարակ հասաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը որ ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրին, յօժարած էր մասնակցիլ տարեցներու այս հաւաքին։
Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Վինչէնցօ Փալիա այս առթիւ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտարարած է թէ ''աշխարհի մը մէջ ուր տարեցները անտեսուած են, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը կ՛ուզէ հաստատել թէ անոնք ''աւելորդ''ներ չեն, ընդհակառակը` անոնք Եկեղեցւոյ սիրտը կը գտնուին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին ու տակաւին կարեւոր դեր մը ունին ընտանիքներու, Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան կեանքէն ներս։
Նշենք թէ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Իրաքէն ժամանած գաղթական զոյգ մը տարեցներ` որոնք լսելի դարձուցին պայքարի դաշտերու եւ շրջաններու մէջ ապրող տարեցներու ձայնը, իրենց ներկայացուցած յուզիչ վկայութեամբ որ եզրափակեցին ըսելով` ''պատերազմը իսկապէս կատաղութիւն մըն է, յուսանք որ աշխարհը հասկնայ'', մինչ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ժամանած էր հրապարակ։
Զանազան վկայութիւններ ունկնդրելէ ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով սուրբ Պետրոսի վրայ համախմբուած հազարաւոր տարեցներուն շնորհակալութիւն յայտնեց, յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի ներկայութեան, զայն որակելով իմաստուն մեծ հայրիկ մը ու ապա մատնանշեց Իրաքցի տարեցներու վկայութեան, անոնց վստահեցնելով թէ Եկեղեցին իրենց կողքին է։ Ֆրանչիկսոս Պապը ապա ընդգծեց տարեցներու դերը ու կարեւորութիւնը ընտանեկան յարկէն տակ ինչպէս նաեւ անոնց քրիստոնէական հաւատքի վկայութիւնը։
Սրբազան Հայրը հուսկ հրաւիրեց աւելի ուշադրութիւն յատկացնել տարեցներուն, հոգալով անոնց կարիքները ընտանեկան յարկերէն տակ ու շեշտը դրաւ իրենց բախտին լքուած ծերունիներուն ու հասարակութիւնէն ''անտեսուածներուն'' եւ ''աւելորդ'' նկատուածներուն։ Ընկերութիւնը մը որ այսօր կը պաշտէ դրամ Աստուածը ` ըսաւ Ֆրանսիսկոս Պապը, հաստատելով թէ ազգ մը որ չի յարգէր իր տարեցները առանց ապագայի ազգ մըն է, որովհետեւ առանց յիշատակի է եւ առանց իմաստութեան։
''Ընտանեկան կեանքի ամենէ գեղեցիկ պահերէն մին է` մանուկ մը շոյել քնքշութեամբ եւ թոյլ տալ որ մեծ մամիկ մը եւ մեծ պապիկ մը մեզ շոյեն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.